ՃՀՓ-Ի ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռըզա Աքփոլատը, որուն կ՚ընկերանար մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ իր խորհրդականներէն է։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մինաս Արսլան։
Երէկ առաւօտ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Առաջաւորաց պահքի առթիւ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի մասնակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հաւատացեալներ։
Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Նիհալ Եըլտըրըմը, որուն կ՚ընկերանային իր խումբ մը գործակիցները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ ամիս զանազան համերգներով հանդէս պիտի գայ Հարաւային Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ վեց համերգներ նախատեսուած են մէկ ամսուան ընթացքին եւ Սիպիլ այս առթիւ մարտ ամսուան տեւողութեան պիտի ունենայ իրերայաջորդ ճամբորդութիւններ։
Թորոնթոյի մէջ մահկանացուն կնքած նախկին պոլսահայ ճարտարագէտը տասնամեակներ շարունակ բեղուն ծառայութիւն մատուցած էր գանատահայ կեանքէն ներս։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ջերմօրէն ողջունեց Սահակ Սարգսեանի եւ Նաղաշ Յակոբեանի այցելութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ ան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւնով մը։
Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի գտնուած փողոցը վերանուանուեցաւ նոյն անունով։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, 4 փետրուար 2019, երկուշաբթի, այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կ՚ընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն ժամը՝ 11.00-ին, ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։