ՄԱՆԿԱՆՑ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐՈՎ ԳԾՈՒԱԾ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԸ. ԳԱԼՖԱԵԱՆ
Հարիւր յիսուն եւ երկու տարիներ անցան այն օրէն, երբ հոգւով ու սրտով վեհ հայուհին՝ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան ուխտեց տէր կանգնիլ իր ազգի որբացեալ ու կարիքաւոր զաւակներուն եւ դարձաւ երախտաշատ մայր մը։ Տարիներ անցան այն օրերէն, երբ Սրբուհի Մայրապետի ձեռամբ սկիզբ առին սուրբ առաքելութեան առաջին քայլերը եւ այդպիսով ամուր եւ անսասան հիմք մը հաստատուեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Երկա՜ր ու դժուար տարիներ…