Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՇՈՒՐՋ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Սա Խորհրդակցական մարմնի 2019 թուականի առաջին նիստն էր։ Բացման աղօթքէն վերջ նորին սրբազնութիւնը ողջունեց ժողովականները, որոնց բացատրութիւններ տուաւ Անգարայի մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ տեղի ունեցած հանդիպման առընչութեամբ։
Յայտնի սրտաբան ու ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ Տքթ. Արէտ Լազօղլու երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Բժշկութեան օրեր»ու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Պիւյիւքտէրէի «Ֆուատ փաշա» ապարանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս «պրանչ»ը համախմբեց մեր համայնքէն շուրջ 300 տիկիններ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։
Պուլկարահայ համայնքէն երեք գործիչներ այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Անոնք են՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Շաքարեան, Փլովտիւի մօտ նախկին պատուոյ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան եւ համայնքի յայտնի դէմքերէն Աղաւնի Գէորգեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի համազգային յոբելեանը քաղաքիս մէջ նշուեցաւ Էսաեանի երդիքին տակ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկով մը, որու զուգահեռ կեանքի կոչուած «Գիրք նուիրելու օր»ուան ծրագիրը ցոլացուց համայնքային հրատարակութիւններու խայտաբղէտ պատկերը:
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կիրակնամուտ եւ հոգեճաշ՝ սգահանդէսի մթնոլորտով:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռըզա Աքփոլատը, որուն կ՚ընկերանար մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ իր խորհրդականներէն է։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մինաս Արսլան։