Թրքահայ կեանք

ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու առաջադրութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին փորձառու յայտնի ազգայիններ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած երէկուան խորհրդակցութեան մասնակցեցան համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու Կրօնական ժողովի անդամները:

ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ՄԵՐԺԵՑ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մերժեց մաս կազմել նախաձեռնարկ մարմնին։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Պատրիարքարանի քոթայէն իր անունը դրած էր նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական՝ 9-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս Երեւան մեկնեցան յանձնելու համար քննութիւններ։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան հետ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ անոնք Երեւան մեկնեցան՝ յանձնելու համար պետական քննութիւններ եւ ունենալու համար համապատասխան վաւերացեալ վկայականներ, որոնց հիման վրայ իրենց լիսէի ուսումը պիտի շարունակեն Հայաստանի մէջ։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԿԸ ԿԱԶՄՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրով, Պատրիարքարանի երդիքին տակ կը համախմբուին համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց ներկայացուցիչները։

ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը փայլուն անցաւ:

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

​Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւոր հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը։

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Եկեղեցական համագումար ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը ներկայացուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան նկատառման։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Հիմա այլեւս կը սպասենք պետութեան արձագանգին։ Պատկան իշխանութիւնները գրութիւն մը կրնան ուղարկել տեղապահ սրբազան հօր եւ կամ զինքը կրնան հրաւիրել նահանգապետարան»:
Յառաջիկայ Երեքշաբթի Գումգաբուի մէջ նախատեսուած է համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին պիտի ստեղծուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը՝ 17 հոգիէ բաղկացեալ ընդարձակ կազմով մը։ 

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆդէս

Մխիթարեան վարժարանը այս տարի տուաւ իր 192-րդ շրջանաւարտները: Ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը, որ պիտի կատարուէր վարժարանին պարտէզին մէջ, աննպաստ օդի հաւանականութեան պատճառաւ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ:

ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Պատրիարքական ընտրութիւնը թիւրիմացութիւններէ զերծ ու երաշխաւորեալ ձեւով կազմակերպելու նպատակով կ՚առնուին հեռատես ու նրբանկատ քայլեր, որոնք յաչս պետութեան ամուր ենթագետին մը պիտի ստեղծեն յառաջիկայ ճակատագրական գործընթացին համար:
Եկեղեցականաց համագումար ժողովը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վերջ տուաւ ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին եւ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեանի համապատասխան իրաւասութիւններուն:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեանի գլխաւորութեամբ կ՚ընթանան նաեւ նախաձեռնարկ մարմին մը կազմելու ուղղեալ աշխատանքները: Ընդունուած բանաձեւը այսօր կը ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան:

Էջեր