ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի փոքրերու կազմը շաբաթավերջին կազմակերպուած դաշտահանդէսով մը եզրափակեց ներկայ եղանակի աշխատանքը։ «Մարալ»ի շուրջ իննսուն փոքրիկները այս առթիւ մեկնեցան Սկիւտար՝ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի ընդարձակ պարտէզին մէջ զուարճանալու համար։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը երէկ հաստատութեան համակիր տիկիններուն համար կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Ֆլորիայի «Ուլուտաղ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու օրուան նախօրեակին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Տատեան վարժարանի ընտանիքը վերջին օրերուն ընդունեց Երեւանէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, տատեանցիները հիւրը եղան Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն ներկայացուցիչներ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան հանդէս մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 186-րդ տարեդարձը նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններով ու աւանդական շուքով։
Շիշլի մարզակումբը վերջերս ճատրակի մէջ ունեցած է շարք մը կարեւոր յաջողութիւններ։ 2017-2018 շրջանի Իսթանպուլի փոքրերու եւ աստղերու մրցաշարքերուն մէջ շիշլիցիները դասուած են դափնեկիրներու շարքին։
Ընդհանուր փոխանորդը Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ խօսեցաւ պատրիարքական առկախեալ ընտրութիւնով պայմանաւորուած համայնքային փակուղիին մասին։
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ատենապետ Կարապետ Մխալեան եւ իր վարչային ընկերները բացատրութիւններ տուին իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կ՚ապրուի մեծ եռուզեռ: Մայիս ամսուան ընթացքին վարժարանի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ. ինչպէս՝ տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, փառատօններ: