ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, հիւրեր, դպրոցի պատասխանատուներ եւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը նախընթաց օր կազմակերպեց կանանց նախաճաշ մը։ Քալամըշի «Փէյզաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը, որու բացումը կատարեց ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։
Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջերս հնգօրեայ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու հետ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։
110-ամեակի առթիւ տեղի ունեցած տարեդարձի ձեռնարկը հնարաւորութիւն ընձեռեց նախանշելու՝ թերթիս վերամեկնաբանեալ առաքելութեան հիմնական առանցքները:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ բարերար հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանը՝ մահուան 106-րդ տարելիցին առթիւ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտուհիներէն Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Քապաթաշի լիսէին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ գրող Էօմէր Սէյֆետտինի յիշատակին ձօնուած գրական մրցոյթի մը։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցոյթին ան պատրաստուած էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Զիւպէյտէ Տիզտարի հսկողութեան ներքեւ։
Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մէջ։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային սոյն մրցաշարքը։