ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբէն ներկայացուցիչներ՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը, վարչայիններէն Նուպար Կիւզելտեւլեթեանը եւ անդամուհիներէն Ալիս Շահինօղլուն։

Կազդուրման կայանի ամրան շրջանը իր աւարտին հասաւ այս շաբաթավերջին։ Աշակերտները եղանակի փակումը տօնեցին մասնսկցութեամբ Գընալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ կայան այցելեց մասնակցելու համար ամավերջի հանդիսութեանց։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գնալը կղզիի բարձունքին նախագահեց Վաքըֆլըգիւղին ձօնուած բազմակողմանի ձեռնարկին, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հարիսայի կաթսաները վերածուեցան խորհրդանշական խարոյկներու - «Ոմանք» խումբը ծափերու արժանացաւ երաժշտական կատարումներով - Գիւղական արտադրանքը ներկայացուեցաւ տաղաւարներու մէջ:

Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի կազմը բացաւ 2017-2018 մարզական շրջանը։ Ակումբի Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ այս առթիւ համախմբուեցան մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախընթաց օր երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան խրախճանքը։ Հանդիսութիւնը գըլ-խաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իր մօտ ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հայերէն բառախաղի մրցոյթ մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Անցեալ տարի առաջին անգամ կազմակերպուած այս ձեռնարկը արդէն երկրորդ անգամ կեանքի կոչուեցաւ։
Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի գլխաւորէ Դպրաց դասու նախագահ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մօտաւոր անցեալի իրերայաջորդ տեղատարափներուն հետեւանքով վնասներ յառաջացած Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները բարեբախտաբար չեն կաղար։
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։