ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան Սկիւտարի Ժողովրդական կրթութեան կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան տարեվերջի հանդէսը։ 2017-2018 ուսումնական շրջանի աւարտին այս հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Գալֆաեան ընտանիքին մօտ։

Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբի հերթական համագումարը։ Ակումբի վարչութեան նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասու գլխաւորեց համագումարի դիւանը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Էսաեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին հերթական անգամ համախմբուեցան սերունդները՝ աւանդական բաժակի օրուան բարձր տրամադրութեամբ:
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներու օրուան առթիւ։ Առաւօտուն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից օր, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ յանուն սանուց միութեան վարչութեան՝ Մելիսա Թաշճեան։
Կեդրոնական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտները շաբաթավերջին այցելեցին՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարուն» մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները յայտագիր մը պատրաստած էին՝ վերահսկողութեամբ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Մարգրիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Ժաննա Մելքոնեանի։