ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կը շարունակեն յաջողութեամբ հանդէս գալ ճատրակի մրցաշարքերու մէջ։ Վերջերս դպրոցի ներկայացուցիչները մասնակցեցան «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը, որ նախատեսուած էր աստղերու եւ փոքրերու դասաւորման համար։
Ս. Զատկին ընդառաջ, թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ։ Ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ քէրմէսին բացումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներուն ընթերցման տօնը։ Հանդէսը կազմակերպուած էր դասավար Տոնարա Պեպուրեանի ջանքերով։ Ձեռնարկի մասնակից ծնողները եւ հիւրերը ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Տէր Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան Գերապայծառը շաբաթավերջին մէկտեղուեցաւ պոլսահայ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Մօտաւոր անցեալին Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած էր նման ձեւաչափով հանդիպում մը։
Մեծանուն նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած Է. միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ «Քրիստին Սալերի » հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած այս մրցոյթի դատակազմին մէջ են Ռեհան Սարըպայ, Իտա Քահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեան, Մայտա Սարիս եւ Արթին Տեմիրճի։
Սուրբ Զատկի տօնական օրերուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Պատրիարքարանէն ներս վերահաստատուեցաւ աւանդական դրութիւն մը՝ մեր համայնքի ընդհանուր տրամադրութիւններն ու ակնկալութիւնները աւելի լաւ արժեւորելու համար Աթոռի գործունէութեան մէջ, նկատի ունենալով նաեւ առկայ մարտահրաւէրները:
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։