ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ։ Այսպէս, մեր այցելութեան եկան Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան քաղաքական կցորդ Ժերեմի Մաս եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսութենէն Թոմաս Տիւմոն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Աւագ շաբթուան օրերուն զուգադիպած այս հանդէսը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Աւագ Երեքշաբթի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ Տասը կոյսերու առակը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ։ Տղաքը այս առթիւ ներկայացուցին թատերակներ։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կը շարունակեն յաջողութեամբ հանդէս գալ ճատրակի մրցաշարքերու մէջ։ Վերջերս դպրոցի ներկայացուցիչները մասնակցեցան «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը, որ նախատեսուած էր աստղերու եւ փոքրերու դասաւորման համար։
Ս. Զատկին ընդառաջ, թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ։ Ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ քէրմէսին բացումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներուն ընթերցման տօնը։ Հանդէսը կազմակերպուած էր դասավար Տոնարա Պեպուրեանի ջանքերով։ Ձեռնարկի մասնակից ծնողները եւ հիւրերը ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Տէր Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: