24 NİSAN GÜNÜ İSTANBUL ERMENİ PATRİKHANESİ’NDE YAPILACAK DİNİ TÖREN MESAJI
Sayın Aram Ateşyan
Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili
Çok değerli Ermeni vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum.
Birinci Dünya Savaşı’nın zor ve sıkıntılı şartlarında vefat eden Osmanlı Ermenilerini anmak üzere, bugün İstanbul Ermeni Patrikhanesi’nin çatısı altında toplanmış bulunuyorsunuz.
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան։
Կը տեղեկանանք, որ Թաքսիմ մարզակումբը ձեռնամուխ եղած է համերգի մը կազմակերպման։ Երէկ, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանը՝ ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզի, որ կը համակարգէ այս համերգային ծրագիրը։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Երաժշտական մարաթոն»ը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը։ Խումբին ուղեկցեցան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Թամար Մանկասար եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Խումբ մը ծնողներ ալ միացած էին աշակերտներուն։
Պէզճեան Մայր վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս տարուան ընթերցման տօնին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ համախմբուեցան առաջին դասարանի փոքրիկները, իրենց ծնողները, կրթական մշակներ եւ հիւրեր։
Սամաթիոյ Սահակեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մանտոլինի համերգ մը, որով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Մեր համայնքի մշակութասէր անդամներէն Աւետիս Արզուման 14 տարիէ ի վեր կ՚իրականացնէ մանտոլինի դասեր եւ մեր երիտասարդները հաղորդ կը դարձնէ երաժշտական մշակոյթին։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը նախընթաց օր կազմակերպեց կանանց նախաճաշ մը։ Քալամըշի «Փէյզաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը, որու բացումը կատարեց ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։