ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ներկայացուցիչները։ Փոխ-ատենապետ Մինաս Քորթունի կողմէ գլխաւոր-ւած դպրեվանքցիներու շարքին էր նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախըթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ 2017-2018 շրջանը։ Քուպայէն եկած «Եոսս» երաժշտական խումբի գործադրած յայտագրով ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։
Նախաձեռնարկ մարմինը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր կը քննադատուին մամլոյ հաղորդումներն ու մեկնաբանութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած շաբաթավերջի համերգին ընդառաջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր ընկերները։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հաւաքոյթ մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրըկնալելու Տատեան վարժարանի սաներէն Տեսիլ Գարան եւ Քեւըն Պաշըպիւյիւքը։ Ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Երանուհի Պալճըի ուղեկցութեամբ տղաքը փութացին մեր այցելութեան։