ԷՍԱԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ

Էսաեան վարժարանի աշակերտները պատրաստութիւններ կը տեսնեն Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ հանդէս մը իրականացնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ անոնք հանդիպումներ կ՚ունենան մեր թերթերու եւ հրատարակչութիւններու պատասխանատուներուն հետ։

Կը տեղեկանանք, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յաջողած է դրական ենթագետին մը պատրաստել Իսթանպուլի Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ վերջին տարիներուն ձեռնարկած համատեղ աշխատանքին շնորհիւ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան մեզի յայտնեց, որ մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ ծաւալուն աշխատանք կը տանին՝ ապահովելու համար Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շէնքի վերանորոգութիւնը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին շնորհանդէսը։
Կրօնական ժողովի ատենապետը մանրամասն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ փակուղիին շուրջ:
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնը, որուն կը մասնակցին նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։


