ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՏՈՑ. ՎԱՀԷ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԻՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը, որ կազմակերպուած էր մեր համայնքի երէց սերունդի բժիշկներէն Տոց. Վահէ Ալեքսանեանի ի պատիւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի պատրաստութիւններուն ձեռնարկած է՝ պիւտճէի ծանր բաց մը հաւասարակշռելու առաջադրութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որով ազդարարուեցաւ տարեկան մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններու մեկնարկը։
Տեղապահ սրբազան հայրը երէկ յուշանուէր մը ստացաւ՝ շրջապատուած իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն 2017-2018 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանի արդիւնքը յոյս ներշնչեց: համայնքային շրջանակները կը գիտակցին, որ ներկայ ծանր փուլին զոհողութիւնները պէտք է բազմապատկուին՝ մեր վարժարաններու կայունութեան երաշխաւորման համար:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն պատասխանատուներ։ Այսպէս, դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ, հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար նորին սրբազնութեան ներկայացան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան շուրջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Պատրիարքի թեկնածու՝ քաղաքիս կամ արտասահմանի սրբազաններուն արդէն ուղարկուած են նամակներ: