ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ՆԻՍՏԵՐԸ
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով։ Այս կապակցութեամբ տեղապահ սրբազան հայրը մեզի յայտնեց, որ քննարկուած են ընթացիկ հարցեր եւ Կրօնական ժողովի դիւանը պիտի հրապարակէ համապատասխան հաղորդագրութիւն մը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Նախկին պոլսահայ, այժմ գանատաբնակ Յակոբ Տէօքմէճեան ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք զինքը հիւրընկալելու խմբագրատանս մէջ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ.-
Պատրիարքական Աթոռը զեկոյց մը հրապարակեց Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ձեւաւորման մասին:
Շաբաթավերջի արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովին, որ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շարականներու երգեցիկ խումբը։