Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ
Շաբաթավերջին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պալաթու Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ վրայ։ Հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղի մը մէջ կը գտնուի այս սրբավայրը, որ միշտ հոգեհարազատ ուխտավայրի մը բնոյթը ունեցած էր մեր հաւատացեալներուն տեսակէտէ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նորահաստատ սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին խմբագրատունս՝ բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցելով իրենց ծաւալած աշխատանքին շուրջ։ Միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուէր այս միութեան հիմնադրութեան վերաբերեալ լուրը։ Ներկայիս արդէն պաշտօնապէս հիմնուած է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը, որու հիմնական նպատակները կը համարուին մէկ կողմէ շրջանաւարտներու համախմբումը, իսկ միւս կողմէ ալ այս վարժարանը բաց պահելու առաջադրութեամբ տրուած պայքարին զօրակցիլը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թեքնիկ վերազինումներու ուղղեալ պարբերական ներդրումներու շնորհիւ միշտ կ՚օժտուի ախտաճանաչման յաւակնոտ հնարաւորութիւններով, ինչ որ հաստատութեան կողմէ մատուցուած առողջապահական ծառայութիւնները կը պահէ մրցունակ: