ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Կը տեղեկանանք, որ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու խորհրդական նշանակած է Յովհաննէս Կարապետեանը, որ անցեալ շրջանին եւս պաշտօն զբաղեցուցած էր նոյն քաղաքապետարանէն ներս։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին «Պողազիչի» համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որ խորագրուած է «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ-իսլամներու ստացուածքը՝ ուշ Օսմանեան կայսրութեան եւ վաղ Հանրապետական ժամանակաշրջանին»։