ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ տարածուած Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի վերջին յայտարարութիւնը այսօր արձագանգ գտած է «Սապահ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքէն խումբ մը անհատներ վերջերս դատական մարմիններուն մօտ դիմում ներկայացուցած էին՝ որպէսզի Տիրամայր Մարի Մութաֆեան խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար, որ շուրջ ինն տարիէ ի վեր հիւանդ ըլլալով ի զօրու չէ կատարել իր պաշտօնը։
Հաշմանդամ երախաներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Դեկտեմբերի 3-ին, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան այցելեց ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ տղոց հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց շնորհաւորութիւններ: