VADİP-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ԺՈՂՈՎԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ «ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) կրթական յանձնախումբը այսօր կը գումարէ ընդլայնուած կազմով ժողով մը։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս ժողովը՝ կէսօրուան ժամերուն։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ հրատարակուած Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջ» գիրքը այս շրջանին կ՚արժանանայ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Թերթիս խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը որոշած են նաեւ 30 կտրօնի փոխարէն Երուխանի այս գիրքը նուիրել մեր ընթերցողներուն։ 
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն 103-ամեայ Վարսէն Օրունճաքճըէլին, որու տարեդարձը կը նշուէր։