ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Միջվարժարանային այս մրցաշարքը ձօնուած էր մեր մարզական աշխարհի խորհրդանշական անուններէն Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։