ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄ
Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած քայլերը պատճառ դարձան Սուրբ Քաղաքի երեք պատրիարքութիւններու բողոքին:
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները քանի մը օր փակ մնալէ վերջ վերաբացուեցան՝ քրիստոնեայ աշխարհի վառ ուշադրութեան ներքեւ: Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան արդիւնաւէտ համարեց ձեռնարկուած միջոցները, որոնց նպատակն է իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Մեր համայնքէն յայտնի ու տաղանդաւոր բժիշկ մը բարձրացաւ գիտական աստիճանի գագաթին՝ տարիներու յամառ ու նուիրեալ աշխատանքով:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սպանացի լրագրող Անտրէս Մուրենսան, որու հետ ունեցանք հաճելի զրոյց մը։ Անտրէս Մուրենսա 2005 թուկանէն ի վեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի քաղաքիս մէջ՝ ամուսնացած ըլլալով թուրք տիկնոջ մը հետ։
Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
2018 Փետրուար 14 թուակիր նամակով մը աբբայ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Ճիաննի Ֆիրենցէի լերան «Սուրբ Մինաս (San Miniato al Monte) եկեղեցւոյ հազարամեակի ոգեկոչումներու ազգային յանձնախումբ»ին անդամակցելու պաշտօնական հրաւէր յղած է Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուրեանին։
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման հիմքին կը դնէ հայերու՝ համաշխարհային ազգ դառնալու սկզբունքը։ Թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է զարգանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ ազդեցութեան եւ աճի նոր կեդրոններու յայտնուիլը կը պահանջէ Եւրոպայի ուժեղացումը եւ Եւրոպան պէտք է ինքնուրոյն վճռէ իր ճակատագիրը։