ՆՈՐ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ՝ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով, Երեւանի Ողիմպիական պետական մարզական քոլէճի Ծաղկաձորի մասնաճիւղի շէնքին վրայ պիտի կառուցուի նոր եւ ժամանակակից մարզահամալիր, տեղեկացուց Հայաստանի Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը:
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիկայի եւ Հայաստանի հիւպատոսարաններուն, Փետրուար 2-9 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան շարք մը ձեռնարկներ, շրջանի հայ եւ մեքսիկացի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։
Ամերիկացի հնագէտները Կուաթեմալայի մէջ յայտնաբերած են մայաներու քաղաքակրթութեան պատկանող 60 հազարէ աւելի մինչ այժմ անյայտ կառոյցներու հետքեր։
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ վերջերս ստեղծեց նոր նախարարութիւն մը՝ առանձնութեան նախարարութիւն եւ նախարար նշանակեց Թրէյսի Քրաուչը:
Սերկէյ Լաւրով եւ Անճելինօ Ալֆանօ Մոսկուայի մէջ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն այցելեց Մայր Աթոռ:
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւնները։ Երէկ բանակը ոչնչացուց 14 թիրախներ։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:
Յառաջիկայ Երկուշաբթի, Փետրուարի 5-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը: