Լրահոս

ԳԱՐԵՋՈՒՐԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի Կարապի լիճի յարակից տարածքին վրայ այսօր չորրորդ անգամ տեղի կ՚ունենայ արդէն աւանդական դարձած Գարեջուրի փառատօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Երեւանի գարեջուրի փառատօնը «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ միջոցներու ծրագրի երեք այն հիմնական փառատօններէն մին է, որու նպատակն է զարգացնել միջոցառումային զբօսաշրջութիւնը մայարաքաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ հանրութեան ներկայացնել հայկական գարեջուրի լաւագոյն աւանդոյթները, գարեջուրի արտադրութեան շուկայէն ներս եղած նորամուծութիւնները, նոր ապրանքատեսակները։

Հա­յաս­տա­նէն Ե­րեք Լո­ղորդ­ներ Կը Մաս­նակ­ցին Պա­տա­նի­նե­րու Աշ­խար­հի Ա­խո­յե­նու­թեան

Հայաստանի լողի պատանեկան հաւաքականը  Օգոստոսի 23-28 թուականներուն միջեւ Միացեալ Նահանգներու Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի պատանիներու աշխարհի ախոյենութեան։

ԱՆԳԼԻՈՅ ՊԻԿ ՊԵՆԻ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ ՊԻՏԻ ՉՂՕՂԱՆՋԷ ՄԻՆՉԵՒ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Էլիզապէթի աշտարակի ժամացոյցը, աշտարակ, որ յայտնի է որպէս Պիկ Պեն, յառաջիկայ չորս տարուան ընթացքին պիտի չղօղանջէ վերականգնողական աշխատանքներու կատարման պատճառով:

«ԳԵՂԱՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Ռումանիոյ Արճեշ նահանգին մէջ սկսաւ «Կարպատներ» միջազգային ազգագրական 34-րդ փառատօնը, որու բացումը տեղի ունեցած է նահանգի Փիթեշթ կեդրոնին մէջ, ապա շարունակուած՝ նահանգի այլ քաղաքներէն ու բնակավայրերէն ներս:

ԿԱՐԻՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

KARYYN բեմական անունով հանդէս եկող երաժիշտ Կարին Թաթոյեանի Moving Masses (Շարժող զանգուածներ) ստեղծագործութիւնը ճանչցուած է ելեկտրոնային ոճի մէջ լաւագոյնըի՝ ամերիկեան երաժշտական հեղինակաւոր «Փիչֆորք» (Pitchfork) առցանց ամսագրին կողմէ: Այս մասին, Asbarez.am-ին կը գրէ Նանէ Աւագեան։

2017-Ի ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

Աւստրալիոյ երեք քաղաքներ, Գանատայի երեք քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Նոր Զելանտայի, Ֆինլանտիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքները տեղ գտած են ապրելու համար 2017 թուականի աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու տասնամեակին մէջ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։

Էջեր