ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Դ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Հայկական 4-րդ համաժողովին
Այսօր առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց ռուսահայ յայտնի բարերար ու գործարար Լեւոն Հայրապետեան, որ 1949 թուականին ծնած էր Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու համար որոնումները կը շարունակուին միջնորդներու ջանքերով:
Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասանը փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ է:
«Ես իրապէս կը հաւատամ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը Սփիւռքի հարցն է»:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուեցաւ Ռուբէն Նաճարեանի մատիտանկար աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որու մէջ ընդգրկուած են արուեստագէտին 1990-2015 թուականներու ընթացքին ստեղծագործած աշխատանքները։
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի Մանկական ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ազգային տօներուն նուիրուած Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: