Լրահոս

ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔ՝ ՀԱՅՔՕ ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԱՄԱՐ

Յու­լիս 15-ի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ ձեռ­նար­կուած լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ար­տա­սահ­ման դուրս գա­լու ար­գելք սահ­մա­նուե­ցաւ լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Հայ­քօ Պաղ­տա­տի հա­մար։

2018-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐԸ

2018 թուա­կա­նին Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փիոնկ Շան­կի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ձմեռ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն խորհր­դա­նիշն է ճեր­մակ վագ­րը, կը տե­ղե­կաց­նէ Մի­ջազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէին պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը:

ՄԻՇԱՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

«Ման­կա­կան նոր ա­լիք-2016» եր­գի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Մի­քա­յէլ Գրի­գո­րեան՝ 8-ա­մեայ Մի­շան: Ան ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ եւ իր ու­ժե­րը պի­տի փոր­ձէ մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ փու­լե­րուն մէջ՝ Օ­գոս­տոս 11-13-ին Խրի­մի «Ար­թեկ» կեդ­րո­նին մէջ:

ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻՆ 31-ՐԴ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ

Պրա­զի­լիոյ Ռիօ քա­ղա­քին մէջ այ­սօր կը սկսին ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը։ 31-րդ ամ­րան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը մագ­նի­սա­ցու­ցած են հա­մայն աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը՝ մինչ մարդ­կու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թեան ու հա­մա­կե­ցու­թեան կա­րօ­տին մէջ է։
Մա­րա­քա­նա­յի մար­զա­դաշ­տին վրայ այ­սօր կէս գի­շե­րը անց, Թուր­քիոյ ժա­մով 02.00-ին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

ԴԷՊԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ

Կառավարութիւնը կը ջանայ ընդդիմութեան հետ զօրակցութիւն մը ապահովել՝ յանուն ժողովրդավարութեան:
Շաբաթավերջին Ենիգաբուի մէջ նախատեսուած մեծ հանրահաւաքը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ, որպէսզի երկիրը հնարաւորինս թոթափէ ձախող պետական հարուածով պայմանաւորուած հոգեվիճակը: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հեռաձայնով կապ հաստատեց ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ:

ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ԶԱՐԿ ՊԻՏԻ ՏԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Պա­քուի մէջ յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Ե­րեք ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած են նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։

ԱՊՏՈՒԼԼԱՅԵՒԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան նա­խըն­թաց օր Ան­գա­րա­յի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Քա­րիւ­ղի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան՝ ՍՕ­ՔԱՐ-ի նա­խա­գահ Ռէօվ­նակ Ապ­տուլ­լա­յե­ւի հետ։

Էջեր