ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԴՐՈՒԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ
Փարիզի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայ գործարարներու հանդիպում մը։ Սոյն հաւաքին մասնակցեցան աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ գործարարներ։ Կը հաղորդուի, որ այս հանդիպումը միեւնոյն ժամանակ դարձաւ սկիզբը «Համահայկական տնտեսական համախմբում»ին։
Ճաբոնի խորհրդարանական արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մոթոմէ Թաքիսաւայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, Թաքիսաւա տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ-երաժիշտ Շարլ Ազնաւուր Յուլիսի 15-ին համերգ պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
Սեւանայ լիճը զբօսաշրջիկներուն ամենայաճախ այցելելի վայրերէն է: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան ըսած է, որ Սեւանը այն գրաւչութիւնն է, զոր իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ կ՚ուզէ անպայման տեսնել՝ անկախ եղանակէն:
Ֆրանսայի մէջ, այս տարի, առաջին անգամ, տեղի պիտի ունենայ տուտուկի փառատօն, որու շնորհիւ հայկական գործիքին հանդէպ պիտի մեծնայ հետաքրքրութիւնը: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Reebok» մարզական ակումբը։ Շատ ընդարձակ համալիր մըն է այս մէկը, որ օժտուած է մարմնամարզի ժամանակակից բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ սարքաւորումներով։
Հիմնարկի Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակներու ղեկավարը այցելեց Երեւան: