ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ
Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիրն ու թարգմանիչը երէկ աչքերը փակեց կեանքին:
Հայ գրական աշխարհը կը սգայ Պերճ Զէյթունցեանի մահը: Յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ կառավարական յանձնաժողով մը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի գլխաւորութեամբ:
Հայկական մարմնամարզի աշխարհէն ներս կը շարունակէ փայլիլ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի աստղը։ Այսպէս, ան երէկ դարձաւ աշխարհի երրակի ախոյեան։
Լաս Վեկասի մէջ, 91 տարեկանին մահացած է ամերիկացի դերասան եւ կատակերգու Ճերի Լուիս: Հոլիվուտեան դերասանի ընտանիքի անդամներու խօսքով՝ Լուիս կեանքէն հեռած է բնական պատճառներով։
Հայաստանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէնի թափուր պաշտօնը զբաղեցնելու համար Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան յայտարարած մրցոյթի արդիւնքներով՝ ընտրուած է Վարդան Մկրտչեան։
«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնի կամաւորները, նախքան ձեռնարկը, սկսած են պատրաստել արդէն աւանդոյթ դարձած յուշանուէրներ:
Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկէ դէպի Աստանա, Պաքու եւ Նիւ Եորք:
Հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հայաստան բժշկական զբօսաշրջութեան նպատակով այցելուներու թիւը այս ամառ նախորդ տարիներու բաղդատմամբ աճած է: Այս մասին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարութիւններ ըրաւ Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի դիմածնօտային ամպիոնի դասախօս, «Միքայէլեան վիրաբուժական կաճառ»ի փլասթիք ու դիմածնօտային վիրաբուժութեան բաժնի վարիչ Հայկ Ենոքեան։
Պարսելոնայի «Քաթալոնիա» հրապարակին վրայ մեծ հանրահաւաք՝ ԻՇԻՊ-ի կատարած յարձակման դէմ: