ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչը երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Քրիստիան Վիկենին. «Հարաւային Կովկասէ ներս տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները կը շարունակեն մարդկային բարձր եւ անհանդուրժելի գին ունենալ»:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։
Եւրոյանձնաժողովի յանձնակատարներէն Եոհաննէս Հահն պիտի այցելէ Թուրքիա:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Անկուտի սիրահարներ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Մեթելիքսիզ աշըքլար» անունով լոյս տեսած է գիրքը, որու յառաջաբանը գրի առնուած է յայտնի գրականագէտ Մարկ Նշանեանի կողմէ։
Էրտողան շաբաթավերջին Համպուրկի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թրամփի եւ Փութինի հետ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան (ՊՈԱԿ) տնօրէնի պաշտօնը շուրջ չորս ամիս առաջ ստանձնած Արա Թարվերտեան կ՚առաջնորդուի մեր հարուստ ժառանգութիւնը ոչ թէ «խաւարի մէջ թաղելու», այլ զայն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ ներկայացնելու սկըզ-բունքով: