ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՉՈՒՆՔ
Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 1-ին Շուշիի մէջ սկսած է «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային կոչունքը (symposium):
Համպուրկի մէջ վաղը պիտի սկսի Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքոյթին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով, G-20-ի գագաթաժողովի բացման ընդառաջ, այսօր, առանձին հանդիպում մը տեղի կրնայ ունենալ Էրտողանի եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի միջեւ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Լոյսը խաւարի մէջ» պատկերագրքի շնորհանդէսը։ Այս գիրքին մէջ տեղ գտած են լիբանանահայ փորձառու լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներէն Մերի Պատալեանի եւ Գայիանէ Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։
The Economist հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն:
Լիբանանի մէջ արուեստագէտ Հրայր Սարգիսեանի «Հայրենակարօտ» խորագրեալ առաջին անհատական ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի այսօր։ Անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 2-ը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
San Francisco Chronicle թերթը հրապարակած է յօդուած մը հայ կօշկակարին մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚աշխատի 1976 թուականէն ի վեր:
Պատրիարքարանի մէջ, նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար երէկ տեղի ունեցած համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հանդէս եկաւ թրքերէն ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան ելոյթին հայերէն թարգմանութիւնը։
Երեւանի Պետական համալսարանի դահլիճի երդիքին տակ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն: