ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Երեւանի մէջ յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը։ Սփիւռքի նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Համահայկական 6-րդ համաժողովը նախատեսուած է 19-20 Սեպտեմբերին։
ԻՒՆԻՍԷՖ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակները պիտի համագործակցին յառաջիկայ շրջանին:
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Զմիւռնիոյ հայերը»։
Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա գիւղին մէջ իրականացուեցաւ ճատրակի բաց առաջնութիւն, որ նուիրուած էր Հայոց եղեռնի 102-րդ տարելիցին: Մրցաշարքը առաջին անգամ իրականացուեցաւ 2015 թուականին, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեանի եւ նախաձեռնութեամբ Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեանի:
«Սօսէ 2017» միջազգային փառատօնը սկսած է շարժապատկերներու դիմումներուն ընդունումը: Հիմնական մրցութային ծրագրով կրնան մասնակցիլ բոլոր ժապաւէնները՝ առանց թեմայի սահմանափակման (խաղարկային, երկարաժամ, կարճաժամ, վաւերագրական):
Արցախի այցեքարտը դարձած Տիգրանակերտի մէջ այս տարի եւս կ՚ընթանան հնագիտական պեղումներ: Այս մասին Նորա Գրիգորեան տեսակցած է պեղումներու ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի հետ։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հաւանական քաղաքական ուղիներուն շուրջ:
Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրը երէկ յատուկ ձեռնարկով մը նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Իպիս» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Մամլոյ ազատութեան ժամանակը» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը։