ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Ֆրանսա։ Փարիզի երկօրեայ շփումներէն վերջ Սերժ Սարգսեանի ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլը հանդիսացաւ Լիոն քաղաքը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Ֆրանսա։ Փարիզի երկօրեայ շփումներէն վերջ Սերժ Սարգսեանի ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլը հանդիսացաւ Լիոն քաղաքը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին շփումներ կ՚ունենան Պաքուի մէջ, ուր կը տեսակցին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։
Ըստ «Ռէօյթըրզ»ի, Հայաստան 2018-էն սկսեալ պիտի ակնկալէ տնտեսական աճ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը նախատեսէ կանոնաւոր կառուցուածքային բարեփոխումներ:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ այսօր ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ՝ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Վարդան Տողանեան։
Թիֆլիզի «Ռետիսըն պլու»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի զոհերու յիշատակին նուիրուած երեկոյ:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Մարտի 15-ին նախատեսուած համագումար ժողովի արդիւնքով պիտի ընտրէ տեղապահ մը:
Կրօնական ժողովի նիստէն վերջ եկեղեցականաց կողմէ պաշտօնի պիտի կոչուի մեր Պատրիարքութեան երեք սրբազաններէն մին, որ նախաձեռնարկ մարմնի մըն ալ կազմուելուն զուգահեռ՝ պիտի ստանձնէ նախընտրական գործընթացի վերահսկման պատասխանատուութիւնը - Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն - Գումգաբուէն հասած լսումները առայժմ բաւարար չեն կանխատեսումներու համար - ԺԱՄԱՆԱԿ շօշափեց վեղարաւոր միաբաններու տրամադրութիւնը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
«Մենք միշտ եղբայրական զօրակցութեան ոգիով վարուած ենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն հետ»:
Դէպի Փարիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան սկիզբին Սերժ Սարգսեան ֆրանսական գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ՝ «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» (MEDEF) կազմակերպութենէն ներս։
Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը՝ Երեւանի մէջ «Նոյ» ազգագրական թաղամասի ներդրումային ծրագրով նախատեսուած տարածքի կառուցապատման յատակագծերու մշակման վերաբերեալ։ Այս խորհրդակցութիւնը վարած է Կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան: