Միացեալ Նահանգներու Ամենաքննարկուող Հայերէն Մէկը Եւ Տնական Գարեջրագործութեան Հայրը
Չարլի Փափազեան գրեթէ ամէն ինչ գիտէ տնային պայմաններու մէջ գարեջուր պատրաստելու մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սիրուած խմիչքին ամերիկացի գիտակը այս գործին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Երկրային այս կեանքը տրուած է մեզի որպէս ժամանակ Աստուծոյ փրկարար կեանքին վկայութիւնը բերելու, Աստուծոյ պատուիրաններն ու պատգամները իրագործելու մեր իրականութեան մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեր երկրին, մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան խորհուրդի լոյսին ներքեւ»:
Նախագահական կառավարման դրութեան հաստատման նպատակով ժողովուրդին ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը արժանացաւ հաւանութեան. երէկուան հանրաքուէի լոյսին տակ նոր շրջանի մը հորիզոնը կ՚ուրուագծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան առջեւ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան հովուապետական եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Գամիշլի՝ ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհըր-դարանի երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեանի:
Վաղը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ հանրաքուէի համար։ Շաբաթներէ ի վեր հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այս հանրաքուէի արդիւնքին։
ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին համոզմամբ, նաւթի վաճառքի եկամուտները որոշ գլխապտոյտ պատճառած են Ատրպէյճանին: