ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի կողմէ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կան համազգային արժէքներ, որոնց կարելի է անդրադառնալ միայն մեծագոյն ակնածանքով, մաքրամաքուր զգացողութիւններով, անափ սիրով ու նուիրումով: Նման արժէքներու շարքին կ՚առանձնանայ մայրենի լեզուն: Իւրաքանչիւր անհատ թերեւս ունի մայրենիի վերաբերեալ իր ըմբռնումներն ու պատկերացումները, մայրենիի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու գիտակցումը:
Պուէնոս Այրէսի Սերվանթէսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ալեխանտրօ Տանտանեան:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան հայազգի Արթուր Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 22-ին։