ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՈՖ. ԱՐԱՄ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի բժշկական դասու երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին՝ Փրոֆ. Արամ Սուքիասեան։ Իսթանպուլի համալսարանի «Ճերրահփաշա» բժշկական ֆաքիւլթէէն ներս երկար տասնամեակներ դասախօսած շատ արժէքաւոր մասնագէտ մըն էր Փրոֆ. Արամ Սուքիասեան, որ ձեռք բերած էր բարի համբաւ եւ իր պաշտօնակիցներու շրջանակներէն ներս կը վայելէր յարգանք ու սէր։
ԵԱՀԿ-ի միջնորդները շաբաթավերջին Ատրպէյճան այցելեցին, իսկ ամսավերջին պիտի ուղղուին դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Եաշար Տողուի յիշատակին կազմակերպուած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի ծիրէն ներս, Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին արծաթէ մետայլ մը նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Նարեկ Սիրունեան։ 45-րդ անգամ կազմակերպուած այս միջազգային մրցաշարքին մէջ ան պայքար մղեց 65 քիլօկրամի դասաւորման մէջ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղը վերջերս ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ լիբանանահայ հանգուցեալ յօրինող Պօղոս Ճելալեանի համար։ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն համար իր նպաստը բերած էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երէկուան կարեւոր ժողովը:
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս երէկ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Օրուան տեւողութեան ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Պետրոս Տէր-Մաթոսեան վերջերս արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Այսպէս, պատմաբան Տոց. Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի կողմէ հեղինակուած գիրք մը վերջերս արժանացած է պարգեւի մը՝ որպէս լաւագոյն գործ։