ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ դէպի Պիշքէք։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը 6-7 Մարտ թուականներուն շփումներ պիտի ունենայ Խրղըզիստանի մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան, որ միեւնոյն ժամանակ Առաջնորդարանի մշակոյթի յանձնախումբը կը գլխաւորէ, արժանացաւ բարձր պատիւի մը։
Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային հերթական անգամ քննադատեց Հայաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ վերջերս դէպի Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան հաւանական նկատեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան պիտի կարենան այլընտրանքային ճանապարհ մը գտնել՝ Վերին Լարսի սահմանային անցակէտին համար։
Հայկական ֆութպոլի ժամանակակից աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ իր եւս մէկ ուշագրաւ առանձնայատկութիւնով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիայէ ներս՝ Ճերապլուսի, Ռայիի, Տապըքի եւ Էլ Պապի մէջ շատ յաջող գործողութիւններ յառաջ տարած են ու ներկայ փուլի թիրախն է Մենպիչ քաղաքը։ Էրտողան շեշտեց նաեւ, որ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ պէտք է ետ քաշուին դէպի Եփրատի արեւելքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց իր երկօրեայ աշխատանքային այցը դէպի Պրիւքսել:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդէս եկաւ սփիւռքահայութեան ուղղեալ կոչով մը։ Այդ կոչը տարածուեցաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն արեւմտահայերէնի վերածելով։
Պրիւքսելի մէջ յստակ պատգամներ. «Հայաստան չի փափաքիր, որ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանը ընկղմի պատերազմի մղձաւանջին մէջ»: