ՍՊԱՍՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ երեք սրբազանները այս օրերուն աստիճանաբար կը հասնին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեան ներքեւ բուն քննարկումները նախատեսուած են՝ Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ կը բացուի նոր էջ մը։ Եըլտըրըմ, որ վերջերս այցելեց Գերմանիա ու մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, զրուցեց իր ուղեւորութեան հետեւած զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան հետ կը սկսի նոր շրջան մը։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութեամբ մեկնիլ Թիֆլիզ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Իր շփումները տեղի պիտի ունենան Փետրուարի 23-24-ին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս բազմակողմանի քննարկումներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենս երէկ այցելեց Պրիւսքել, ուր տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի եւ ԵՄ-ի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։ Փենս եւ Թուսք Պրիւքսելի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Գանատայի Լաւալ քաղաքի յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է լաւալահայ Արամ Էլակէօզ։ Ընտրութիւնները պիտի կայանան յառաջիկայ Նոյեմբերին։ Ան նախկին իսթանպուլահայ է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»ը կ՚իրականացնեն սփիւռքահայ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Գըրգ եւ Արսինէ Գազազեաններու՝ ՀԲԸՄ-ի Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին կատարած 25 հազար տոլարի նուիրատուութեան բաշխումը: