ԷԼ ՊԱՊ ՔԱՂԱՔԸ ԻՇԻՊԷՆ ԱԶԱՏՈՒԱԾ
Սուրիոյ հիւսիսի Էլ Պապ քաղաքը ամբողջութեամբ ազատուեցաւ ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ հովանաւորուած Ազատ Սուրիոյ բանակը երէկ իր հակակշռին տակ առաւ քաղաքի կեդրոնը։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կան համազգային արժէքներ, որոնց կարելի է անդրադառնալ միայն մեծագոյն ակնածանքով, մաքրամաքուր զգացողութիւններով, անափ սիրով ու նուիրումով: Նման արժէքներու շարքին կ՚առանձնանայ մայրենի լեզուն: Իւրաքանչիւր անհատ թերեւս ունի մայրենիի վերաբերեալ իր ըմբռնումներն ու պատկերացումները, մայրենիի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու գիտակցումը:
Պուէնոս Այրէսի Սերվանթէսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ալեխանտրօ Տանտանեան:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան հայազգի Արթուր Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 22-ին։
Մայրենիի օրուան առթիւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքէջի (Armlands.com) շնորհանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագրեալ շարադրութեան մրցոյթի արդիւնքները: