Հայաստանի Մէջ ԿԸ ՍՏԵՂԾՈՒԻ Ելեկտրոնային Բժշկական Գրադարան
Ապագայ բժիշկները շուտով հնարաւորութիւն պիտի ունենան օգտուելու ելեկտրոնային բժշկական գրադարանէն: Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին եւ Մխիթար Հերացիի անուան Պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ կը ստեղծուի ելեկտրոնային բժշկական գրադարան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անցեալ տարուան առաջին տասնմէկ ամիսները եղանակի եւ կլիմայական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամենէն տաքն էին: Ըստ օդերեւութաբաններու դիտարկումներուն, մէկ կողմ դնելով դեկտեմբեր ամիսը, մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ամբողջ 2016 թուականը պիտի դառնայ արտասովոր բարձր ջերմաստիճանի մրցանակակիրը:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց. «Մենք ինչ որ ընենք, պէտք է ընենք խելացութեամբ։ Տարածքաշրջանը, հարեւանութիւնը, փոխադրութեան լոժիսթիքը եւ ամէն ինչը կը պարտադրեն, որ մենք ըլլանք խելացի եւ կիրթ։ Այս իսկ պատճառով մեր հիմնական դրամագլուխը մարդն է եւ ան պէտք է ըլլայ գրագէտ, խելացի, հաշուարկելու ընդունակութեամբ»։

RFI միջազգային ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած է այն մասին, թէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը ո՞վ կ՚ուզեն տեսնել իբրեւ երկրի յաջորդ ղեկավար:
Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամենէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ: