Անցեալ Տարին ԱմԵնէն Տաքն Էր Ամբողջ Պատմութեան Մէջ
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անցեալ տարուան առաջին տասնմէկ ամիսները եղանակի եւ կլիմայական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամենէն տաքն էին: Ըստ օդերեւութաբաններու դիտարկումներուն, մէկ կողմ դնելով դեկտեմբեր ամիսը, մասնագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ամբողջ 2016 թուականը պիտի դառնայ արտասովոր բարձր ջերմաստիճանի մրցանակակիրը:

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց. «Մենք ինչ որ ընենք, պէտք է ընենք խելացութեամբ։ Տարածքաշրջանը, հարեւանութիւնը, փոխադրութեան լոժիսթիքը եւ ամէն ինչը կը պարտադրեն, որ մենք ըլլանք խելացի եւ կիրթ։ Այս իսկ պատճառով մեր հիմնական դրամագլուխը մարդն է եւ ան պէտք է ըլլայ գրագէտ, խելացի, հաշուարկելու ընդունակութեամբ»։

RFI միջազգային ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած է այն մասին, թէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը ո՞վ կ՚ուզեն տեսնել իբրեւ երկրի յաջորդ ղեկավար:
Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամենէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ:
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Տաթեւ համայնքին մէջ Տեառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով նշուած է: