Լրահոս

ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՔԱՅԼԵՐ

Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նա­խա­ձեռ­նած՝ Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու ար­շա­ւէն (#Help Artsakh) ցարդ գո­յա­ցած է 325.000 տո­լար գու­մար մը, մինչ դրա­մա­հա­ւա­քը եւ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը տեղ հասց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՊԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րու Քրեմ­լի­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ կը խրա­խու­սէ Իս­րա­յէլ-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը։

ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

«The Wall Street Journal» հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­մե­րի­կեան թեր­թը վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցուց, թէ ՆԱ­ԹՕ կը ծրագ­րէ ստեղ­ծել լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մունք մը։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է դի­մադ­րել ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լի­քին, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ դիւ­րաց­նել լրա­քա­ղու­թեան տուեալ­նե­րու փո­խա­նա­կում­նե­րը։

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ՝ MIT-Ի ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ

Ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն մին՝ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Նու­պար Ա­ֆէեան ընտ­րուե­ցաւ Մա­սա­չու­սե­ցի Փոր­ձա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի (MIT) հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­գամ։ 1 Յու­լիս 2016-ի դրու­թեամբ ան պի­տի ձեռ­նար­կէ պաշ­տօ­նի՝ հինգ տա­րուան ժամ­կէ­տով։

ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ…

​Մերքէլ էրտողանի յայտարարութիւններուն պատասխանեց Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան հաւատարմատարը հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն:

ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նկատի առնուեցան Վեզնեճիլէրի պայթումին բոլոր ծալքերը:

ՄԱՀ՝ ՓՐԼԱՆԹԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի նախ­կին ան­դա­մու­հի­նե­րէն Փրլան­թի Սա­րա­ֆեան։ Իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս մեծ հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած տի­պար ըն­տա­նե­կան մայր մըն էր հան­գու­ցեա­լը։

ԱԼԻԵՒԻ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԸ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան ըն­թաց­քին ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։

Հայկական Արտադրութեամբ «Արմֆոն»ը Միջազգային Շուկայ Կը Ներկայանայ

Հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեամբ «Արմ­ֆոն» հե­ռա­խօս­նե­րը ար­դէն հա­սա­նե­լի են հա­յաս­տան­ցի գնոր­դին: Հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեամբ ա­ռա­ջին smartphoneնե­րը, ըստ զայն ստեղ­ծող ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դի­րին, ո­րա­կեալ են եւ ո­չին­չով կը զի­ջին շու­կա­յին մէջ առ­կայ տար­բե­րակ­նե­րուն:

Էջեր