ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՅԱՐՄԱՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԻՃԱԿԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԸ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի պալատին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որ տեւեց շուրջ վեց ժամ։ Սա խորհուրդի երկրորդ ժողովն էր՝ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ։

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ ամիս հաւանաբար այցելէ Թուրքիա։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ ան Հոկտեմբերին կրնայ այցելել Թուրքիա։ Նախապատրաստական բոլոր հանգրուաններու աւարտին Քրեմլինի աղբիւրները վերստին պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի ընեն այս մասին։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Ագարայի մէջ:
Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ: