«ԱՈՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ 1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒ
«Աուրորա» մրցանակը աշխարհի չորս երկիրներու մէջ գումարներ պիտի յատկացնէ՝ գաղթական երախաներու եւ որբերու աջակցութեան վերաբերող քանի մը ծրագիրներու:
Միջազգային լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ ներկայիս Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզն է 2024 թուականին տեղի ունենալիք 33-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու գլխաւոր թեկնածուն:
Թուրք զինեալ ուժերու լայնածաւալ գործողութեան շնորհիւ Ճերապլուս ամբողջութեամբ մաքրագործուեցաւ ԻՇԻՊ-էն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը ըսաւ. «Կարելի՞ բան է, որ պահպանենք յանցագործ մը»:
Սեփական լրատուութիւն.-
Այսօր երեկոյեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ կը սկսի «Հայկական աշխարհը համացանցի մէջ» գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ համալսարանի կեդրոնական շէնքին Գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ։
Դասական դրամագիտական խմբակին (CNG) նախաձեռնութեամբ, հայկական հնաւանդ դրամներու նուիրուած անգլերէն հատոր մը՝ «Armenian Coinage in the Classical Period» անունով, լոյս տեսած է հեղինակութեամբ գալիֆորնիացի դրամագէտ Ֆրենք Լ. Քովաքսի։
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրք զինեալ ուժերը լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեցին՝ Սուրիոյ սահմանամերձ Ճերապլուս քաղաքէն ներս մաքրագործելու համար «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման տարրերը։