ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը ամփոփեց 2015 թուականի իրադարձութիւնները:
Արծրուն Յովհաննիսեան. «Ամբողջ տարուան ընթացքին հայկական զինեալ ուժերը թոյլ չեն տուած, որ Ատրպէյճան յառաջ երթայ մէկ միլիմեթր»:
Երէկ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն, բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան պատգամ մը հրապարակեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետը շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ:
