«ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ» ԹԵՀՐԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՔՑԱՆԻՆ ՄԷ՞Ջ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
19 Դեկտեմբերին Դամասկոսի Ճարամանա շրջանին մէջ կը սպաննուէր «Հիզպուլլահ»ի կարեւորագոյն համարուած պատասխանատուներէն մին՝ Սամիր Քընթար: Լրատուական աղբիւրներ նոյն լուրին կապակցութեամբ կը հաղորդէին, որ իսրայէլեան օդային հարուածով սպաննուած Քընթարի հետ նոյնպէս կը զոհուէին իրանցի տասնմէկ պատասխանատուներ:


Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Աշխարհահռչակ սերպ երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցա երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Էմիր Քուսթուրիցա եւ «The No Smoking Orchestra» ժողովրդական-ռաք խումբը հայ երաժշտասէրներուն ներկայացան «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը 2015 թուականին սկսած է հայկական շարժանկարներու թուայնացման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արթուր Պօղոսեան:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան մաս կազմեց 2015 թուականի լաւագոյն հարիւր ֆութպոլիստներու ցանկին։ Անգլիական «The Guardian» պարբերականը հրապարակեց ֆութպոլի մէջ այս տարուան լաւագոյններուն ցուցակը, որու մէջ 77-րդ կարգը զբաղեցուց Հենրիխ Մխիթարեան, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ «Պորուսիա Տորտմունտ»ի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ Գերմանիոյ մէջ։