Լրահոս
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՕՐ ԵՐԴՄԱՆ
Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր կ՚ապրուի երդման օր մը։ 26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի անդամները այսօր կը կատարեն իրենց երեսփոխանական երդումը։
ՑԻՓՐԱՍԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան առաջին անգամ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի՝ Յունաստանի վարչապետ դառնալէ վերջ։
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Սինիրլիօղլուէն մանրամասնութիւններ՝ Վիեննայի բանակցութիւններուն շուրջ:
Միջազգային համաձայնութեան մէջ կը նախատեսուի Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը:
ԻՐԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Թեհրանի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողով մը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կարելի է հասցնել 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Այս գործարար համաժողովը կազմակերպուած էր Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իրանի Առեւտուրի, արդիւնաբերութեան հանքերու եւ գիւղատնտեսութեան պալատին կողմէ։
ԶՕՐ. ՍԱԼԻՀ ԶԵՔԻ ՉՈԼԱՔ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք այսօրերուն կ՚այցելէ Պաքու։ Իր շփումներուն շրջագծով ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ ոլորտի այլ շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։
ՄԱՐՄԱՐԱ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺՆԵՐ
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Մարմարա ծովուն մէջ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ։ Վարչապետարանի Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան համապատասխան բաժանմունքէն տեղեկացուցին, թէ երկրաշարժին էփիկեդրոնը շուրջ 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Ավճըլարի, Պահչելիէվլէրի, Զէյթինպուրնուի, Քիւչիւքչեքմեճէի եւ Պիւյիւքչեքմեճէի նման բնակութեան կեդրոններէն։
ԱՄՈՒՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ…
G-20-ի Անթալիոյ գագաթաժողովը հարթակի մը վերածուեցաւ՝ Փարիզի ահաբեկչութեան դէմ միջազգային ընտանիքին վճռակամութիւնը բանաձեւելու համար:
Աշխարհի յառաջատար երկիրներու ղեկավարները հակուած են հասարակաց ճակատ մը ձեւաւորել՝ ԻՇԻՊ-ին հարուածներ հասցնելու նպատակով:
ԱՆԿԵՂԾ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ Ֆրանսայի հրապարակն ու դեսպանատունը՝ հազարաւորներու ժամադրավայրը:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ մոմավառութեան ու ծաղիկներ թողուց ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին: Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ այս առաւօտ պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն:
ՄՂՁԱՒԱՆՋ…
Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան եօթ տարբեր կէտերու վրայ ապրուեցան համաժամանակեայ ահաբեկչական յարձակումներ, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի հարիւրյիսունի սահմանին։
Ֆրանսան «Շարլի Էպտօ»ի տարեմուտի դէպքէն վերջ ցնցուեցաւ անբաղդատելիօրէն աւելի ծանրակշիռ եւ աննախընթաց վայրագութիւնով մը: Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ յայտարարութիւններ ըրաւ անվտանգութեան լայնածաւալ միջոցներու մասին։
Երկրէն ներս հռչակուեցաւ արտակարգ դրութիւն։ Փակուեցան նաեւ սահմանները։ Կառավարութեան արտահերթ ժողովը գումարուեցաւ՝ միջազգային մեծ զօրակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։
