ԵՐԵՔ ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով ընդունուեցան նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ:
Երեւան եւ Պաքու թէեւ միշտ հակադիր մօտեցումներ կ՚արտայայտեն, սակայն, կ՚ընդգծեն նաեւ իրենց խաղաղութեան ձգտումները:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն Արփի Սարուխանեան փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է Անգլիոյ Exeter-ի համալսարանը։ Ան վկայուած է այդ հեղինակաւոր համալսարանի ֆիզիքի եւ ասթրօֆիզիքի բաժնէն։
Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 19-րդ անգամ։ Յուլիսի 10-ին սկիզբ առած փառատօնի ծրագրի աւարտը բնորոշեց երէկուան մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի մը մշակումը օրակարգը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումով ու սահմանագծումով, նաեւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով հանդերձ։
Խասգիւղի հրէից գերեզմանատան դէմ երէկ մտահոգիչ յարձակում մը գործուեցաւ։ Դէպքին հետեւանքով պատմական գերեզմանատունէն ներս 81 շիրիմ կոտրուեցաւ։
15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ երէկ յիշատակութիւններ տեղի ունեցան բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Ձախող պետական հարուածի 6-րդ տարելիցին ոգեկոչուեցան նահատակները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ մեծ հանրահաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր Սարաչհանէի հրապարակին վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Սարաչհանէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը տուաւ Աթոռի երիտասարդ միաբանին, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ իր բարձրագոյն ուսումը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը անփոփոխ ձեւով կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ան յիշեցուց, որ համապատասխան բանակցութիւնները անցեալ յունուարի 24-ին սկսած էին Մոսկուայի մէջ, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով երէկ երկրի զինեալ ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակուեցաւ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։ Նշանակումը կատարուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկի հիման վրայ, հինգ տարուան ժամկէտով։