ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊՈՒԷՆՕ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Մատրիտ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալվարէս Պուէնոյի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկու երկիրներու համագործակցութեան բազմաթիւ հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան շրջանակներէն ներս։
Ամերիկահայ գիտնական ու գործարար, բարերար, քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան այս շրջանին յաճախ բարձր գնահատանքի առարկայ կը դառնայ զանազան հարթութիւններու վրայ եւ գիտական հաստատութիւններու կողմէ կ՚արժանանայ կոչումներու։
Ցաւով տեղեկացանք, որ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ենթարկուած է գործողութեան մը։ Պետիկեանի հիւթեղ գրիչին արտադրութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ զանազան հարթակներու վրայ, սփիւռքեան լսարանի ամենահամակրելի անուններէն մին է ան։
Թրքական դիւանագիտութեան երիցագոյն տիրական դէմքերէն Իլթէր Թիւրքմէն երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 95 տարեկան հասակին։ Շուրջ չորս տասնամեակ Թուրքիան միջազգային բեմահարթակի վրայ տիրաբար ներկայացուցած հեղինակաւոր դիւանագէտ մըն էր Իլթէր Թիւրքմէն, որու յուղարկաւորութիւնը վաղը նախատեսուած է Թէշվիքիյէի մզկիթին մէջ։
Թուրքիա-Իտալիա Միջկառավարական յանձնաժողովի գագաթնային բանակցութիւններ՝ Պեշթեփէի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սպանիա:
«Սուրբ Աննա ամառնային համերգաշար 2022»ը Երեւանի մէջ համախմբեց բազում երաժշտասէրները:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով՝ այսօր Երեւանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Գրիգորեան եւ Շամխանի կը վարեն բանակցութիւններ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ սկսի Ուքրայնայի վերականգնումը։ Իր խօսքով՝ այդ գործընթացը երկար պիտի տեւէ, ուստի պէտք է սկսիլ հիմա։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յարձակողներէն Սարգիս Ադամեան փոխանցուեցաւ Գերմանիոյ «Քէօլն» ակումբը։ Յայտնի մարզիկը վերջին շրջանին բաւական վերելք արձանագրած է եւ այս հիման վրայ այլեւս մաս պիտի կազմէ գերմանական այս նշանաւոր խումբին: