ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ երաշխաւորուած Արցախով հանդերձ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան սահմանային բախումներուն կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 17 վայրկեան։ Սա երկու ղեկավարներու արդէն հինգերորդ հեռախօսազրոյցն էր։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին արդէն ժամադրուած են հերթական անգամ։ Օգոստոսի 5-ին անոնք պիտի տեսակցին Սոչիի մէջ։
ԱՄՆ կը ջանայ օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը աւարտեց դէպի Չեխիա աշխատանքային այցելութիւնը:
Քուէյթահայ գործարար եւ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեան այս շրջանին կ՚այցելէ Երեւան, ուր «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ան հայ իրականութենէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ այդ ամբողջին մէջ սկիզբ դրած է «Գնեցէ՛ք Հայաստանէն» նախաձեռնութեան։
Երեւանի մէջ այս աշնան նախատեսուած է Կլոպալ նորարարութեան ֆորում (GIF) մը, որու գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ յայտնի գիտնական ու գործարար եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեան։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիրն է։
Ատրպէյճանի Կրթութեան նախարար Էմին Ամրուլլաեւ յայտարարեց, որ յաջորդ ուսումնական տարիէն սկսեալ երկրի դպրոցներէն ներս պիտի սկսի թրքական պատմութեան եւ թրքական աշխարհագրութեան առարկաներու դասաւանդումը։
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի բացուի Hard Rock Cafe մը։ Մօտաւոր ապագային ան պիտի սկսի գործել, մինչ նախընթաց օր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթը։