ԶԳԱԼ ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ
Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանը շօշափեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրին կարծիքը:
Արա Գօչունեան Առաջին ալիքի ուղիղ եթերին վրայ տեսակապով մեկնաբանեց Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցը:
Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանը շօշափեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրին կարծիքը:
Արա Գօչունեան Առաջին ալիքի ուղիղ եթերին վրայ տեսակապով մեկնաբանեց Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցը:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ Երեւանի «Յովհաննիսեան» կաճառէն ներս «Մշակոյթ եւ արդիականացում» ծրագրի շրջանակին մէջ առցանց դասախօսութիւն մը:
Ֆրանսահայ մտաւորական Ժիրայր Մալխասեան շահեկան զեկուցում մը ներկայացուց «Զաւէն Պիպեռեան՝ մեծամասնական հասարակութեան եւ ճնշուած փոքրամասնութեան մտաւորականը» նիւթին շուրջ:
«Հայաստանը փակուղիէն կը վերածուի խաչմերուկի՝ բոլոր առումներով շատ մեծ ազդեցութիւններով»:
Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան երէկուան նիստին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ գոյացած վերջին համաձայնութիւններուն:
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանին, որ համահիմնադիրն է՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Էնտոնեզիոյ Պալի կղզիին մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին առթիւ։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան բանակցութիւններ վարեց Շամխանիի հետ, որ օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքել պիտի գլխաւորէ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մարդասիրական մրցանակի դատակազմը։ 2020 թուականին հաստատուած է այս մրցանակը, որու դափնեկիրին կը տրուի 1 միլիոն եւրօ։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ո՞ւր է հայերէնի պաշտպանութիւնը, հայերէնը՝ որպէս ազգային հիմնական արժէք եւ ըմբռնում, կը պաշտպանուի՞ մեր ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութիւններուն կողմէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէս գրական լեզու, հաւաքականութիւններու կողմէ խօսուած եւ գրուած հարազատ եւ անաղճատ լեզու, որ չըլլայ ոջիլի շուկայի լեզու (ֆլի մարքեթի, մարշէ օ փիւսի լեզու):
Աշխարհահռչակ անմոռանալի տուտուկահարի անմահութեան ճանապարհին կարեւոր քայլ մը եւս:
Ճիվան Գասպարեան երէկ ոգեկոչուեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն, նաեւ կանգ առին տարածաշրջանային խնդիրներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին վրայ։