ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Մեկնաբանները՝ Պեշթեփէի մէջ նախատեսուած այս կարեւոր ժամադրութիւնը կ՚որակեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բնականոնացման գագաթաժողով։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։
Փաշինեան Փութինի հետ վաղուայ ժամադրութեան ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ «Ինթերֆաքս»ին:
«Իշխանութիւններուն համար աւելի դիւրին էր ամէն ինչ յանձնել՝ քան ծանր որոշում մը առնել»:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը նորոգ հանգուցեալ զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեանի, որու կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր։ «Արցախի հերոս» քոմանտոսի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ ըրաւ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական կրօնամշակութային ժառանգութեան կոթողներուն դէմ սկսած ոչնչացման արշաւին շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը մամլոյ սպասաւորներու նկատառման յանձնեց, որ Ատրպէյճան ինչպէս կը քանդէ հայկական եկեղեցիները եւ մշակոյթը։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Հայաստանի Բարձր փորձագիտական արդիւնաբերութեան նախարար նշանակուեցաւ Հայկ Չոպանեան, որ մինչ այդ Տաւուշի մարզպետի պաշտօնը կը վարէր։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս երէկ գիշեր ծագեցաւ հրդեհ մը։ Որոշ տաղաւարներ եւ խանութներ այրեցան՝ ներառեալ ապրանքները։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հանդէս եկաւ տարեկան «Քաղաքին եւ աշխարհին» ուղղեալ պատգամով։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Երկու նախարարները զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։